Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Նոր երկբեւեռ աշխարհի ձեւաւորում

Մինչ Արցախի շրջափակումը իր 100-րդ օրը բոլորեց, հակառակ միջազգային հասարակութեան համատարած դատապարտումին, Ազերիները անվրդով ու վճռակամ կը շարունակեն իրենց ապօրինի արարքը, որուն հետ լռելեայն համակարծիք ըլլալ կը թուին ռուսական եւ արեւմտեան հակադիր ճակատները։ Այսպէսով, Արցախի հակամարտութիւնը կը մնայ անել դրութեան մէջ, զոհ՝ Արեւմուտք–Ռուսաստան միջազգային առճակատումին։ Կարեւոր է ընդգծել Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարին վերջերս ըրած յայտարարութիւնը, ուր ան միջազգային հասարակութեան ուշադրութեան կը յանձնէր, թէ 2020 Նոյեմբեր 9-ի զինադադարի եռակողմ յայտարարութենէն չէ մնացած կէտ մը, որ Ազերպայճան երկու տարիէ ի վեր խախտած չըլլայ։ Սակայն հակառակ ասոր, թէ՛ ԵՄ-ը, թէ ԱՄՆ-ն յստակօրէն յայտարարեցին, որ Ազերպայճանի դէմ ո՛չ մէկ պատիժ կիրարկելու նպատակ ունին։ Վե՛րջակէտ։

Տնտեսական պատիժներու առընթեր Արեւմուտքը դիմեց նաեւ Պատժական միջազգային ատեան, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինը կալանաւորելու հրահանգ արձակեց։ Որքան որ շատերու համար միջազգային արդարադատութեան կարեւոր որոշում թուի այս վճիռը, նոյնքան ալ ուրիշներու համար Արեւմուտքի՝ «երկու չափ-երկու կշիռ»-ի յստակ արտայայտութիւնն է։ Իսկ Պատժական միջազգային ատեանը ե՞րբ պիտի կայացնէ ԱՄՆ-ու նախագահ Ժորժ Պուշը, Միացեալ թագաւորութեան վարչապետ Թոնի Պլէրը կալանաւորելու որոշում, Իրաքը աւերելնուն համար։ Նոյնպէս՝ Սուրիան քայքայողներուն դէմ։ Դեռ չխօսինք մարդկային իրաւանց եւ ժողովուրդներու դէմ Ալիեւի եւ Էրտողանի գործած ոճիրներուն մասին։ 

Արեւմուտք-Ռուսաստան հակամարտութիւնը նոր աշխարհակարգ մը ձեւաւորելու վրայ է, ուր Չինաստանը պիտի խաղայ առանցքային դերակատարութիւն մը։ Չինաստանի նախագահ Ցի Ժինփինկի Ռուսաստան այցելութիւնը եւ երկու երկիրներու միջեւ ռազմավարական դաշինքի ստորագրումը ասոր բացայայտ դրսեւորումն է։ Յստակ է որ Ռուսաստանի դէմ Արեւմուտքի սահմանած պատիժները սպասուած արդիւնքը չտուին։ Եւրոպական շուկայի փոխարէն Ռուսաստան իր ուժանիւթի վաճառքը շեղեց դէպի Չինասատան, Հնդկաստան, որոնք օգտուեցան միջազգային շուկայէն աւելի նպաստաւոր գիներով ուժանիւթ ձեռք բերելու առիթէն։ Նոյնպէս, Ռուսաստան Չինաստանէն եւ այլ երրորդ երկիրներէ,– ի միջի այլոց Թուրքիայէն եւ Հայաստանէն,– ստացաւ արգելքի ենթակայ արեւմտեան ապրանքներու կարեւոր մէկ մասը։ Անշուշտ, Եւրոպական Միութեան երեսփոխաններու ուշադրութենէն չվրիպեցաւ այն կեղծաւոր երեւոյթը, որ ԵՄ ռուսական կազ կը գնէր Ազերպայճանի միջոցով, Ուրսուլա Վոն տեր Լեյէնի Պաքուի մէջ Ալիեւի հետ կնքած պայմանագրով։

Չինաստան միջազգային յարաբերութիւններու մէջ եւս նոր հաշտարարի դերակատարութիւն ստանձնած է։ Ցի Ժինփինկի շնորհիւ Փեքինի մէջ Իրանի եւ Սաուտական Արաբիոյ միջեւ հաշտութիւն գոյացաւ։ Երեւոյթ մը, որ իր դրական հետեւանքները պիտի ունենայ Եմէնի, Սուրիոյ եւ այլ արաբական երկիրներու մէջ տեղի ունեցող հակամարտութիւնները խաղաղեցնելու դիտանկիւնէն։ Նոյնպէս, Ցի Ժինփինկի Մոսկուա այցելութեան առթիւ պիտի քննարկուէր ռուս-ուքրաինական խաղաղութեան չինական ծրագիրը։ 

ԱՄՆ-ու կողմէ Թայվանի պաշտպանութիւնը եւ Չինական ծովուն մէջ գերակայութեան մրցակցութիւնը նպաստաւոր ազդակներ են Ռուսաստան–Չինաստան արագ մերձեցման, որ կրնայ նաեւ Ուքրաինական պատերազմին մէջ Ռուսաստանի ապահովել անսպասելի առաւելութիւն մը։ Վերջերս, Արեւմտեան երկիրները կ՚ահազանգէին իրենց սպառազինութեան պաշարներու անկումին մասին։ Եթէ չինական հաշտութեան առաջարկը մերժուի եւ Չինաստան զօրավիգ կանգնի Ռուսաստանին ընդդէմ Արեւմուտքի, պատերազմի դաշտին վրայ բնականաբար այդ պիտի ունենայ իր ազդեցութիւնը, ինչպէս Իրանի անօդաչու սարքերը Ռուսաստանին ապահովեցին կարգ մը առաւելութիւններ։ Այսպէսով, Ռուսաստան–Ուքրաինա պատերազմը Արեւմուտք–Չինաստան բախումի վերածուելու ընթացքի մէջ է։ Եւ Ռուսաստան–Ուքրաինա հակամարտութեան սրացման մէջ Արեւմուտքի պատասխանատւութիւնը մեծ է, յատկապէս ՕԹԱՆ-ի դէպի արեւելեան Եւրոպա տարածուելու մարմաջին պատճառով, որ Ռուսաստանի մէջ սովետական շրջանի կիրքերու եւ վախերու զարթնումին պատճառ դարձաւ։ Չինաստան եւս այդ ընդլայնումը իր անվտանգութեան սպառնալիք համարեց։

Ժ.Չ.