Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Նոր թռիչքներ՝ Հայաստանէն դէպի օտար երկիրներ եւ հակառակ ուղղութեամբ

 

Հայաստանի կառավարութիւնը նիւթական աջակցութիւն կը տրամադրէ օդանաւային ա՛յն ընկերութիւններուն, որոնք նոր ուղղութիւններով թռիչքներ կ՚ապահովեն Հայաստանէն դէպի օտար երկիրներ եւ հակառակ ուղղութեամբ։

Օդային հաղորդակցութեան նոր ուղղութիւններուն նպաստող սոյն քայլով կ՚ակնկալուի աւելցնել զբօսաշրջիկներու թիւը եւ խթան հանդիսանալ տնտեսական բնագաւառի զարգացման։