Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը նոր եկեղեցի կը կառուցէ Յորդանան գետի ափին
Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութիւնը կը ծրագրէ նոր եկեղեցի մը կառուցել Յորդանան գետի ափին, որ կարելիութիւն պիտի ընձեռէ Սուրբ Երկիր այցելող հայ ուխտաւորներուն այդ սրբավայրին մէջ արարողութիւններու մասնակցելու, ինչպէս նաեւ մկրտութիւններ կատարելու:
«Արմէնփրէս»-ի հետ զրոյցին, այս լուրը հաղորդած է Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան դիւանապետ Կորիւն վարդապետ Բաղդասարեան՝ աւելցնելով, որ տարածքը վերջերս ականազերծուած է եւ բոլոր քրիստոնեայ համայնքներուն հողատարածքներ յատկացուած են, հոն եկեղեցիներ կառուցելու համար: Այժմ աշխատանք կը տարուի այդ կարեւոր սրբավայրին մէջ եկեղեցի կառուցելու յօժար բարերար գտնելու համար: Վարդապետին կարծիքով՝ եկեղեցւոյ կառուցումը պիտի աշխուժացնէ Երուսաղէմի հայկական համայնքի հոգեւոր-մշակութային կեանքը:
Անդրադառնալով տեղւոյն խնդիրներուն՝ Կորիւն վարդապետ ընդգծած է, որ Հայերու, ինչպէս նաեւ՝ հոն ապրող քրիստոնէական բոլոր համայնքներու հիմնական խնդիրները կը վերաբերին երկրին անվտանգութեան: Արաբա-իսրայէլական հակամարտութեան պատճառով յաճախ ահաբեկչական գործողութիւններ կը կատարուին, սպանութիւններ եւ տարբեր անկարգութիւններ, որոնք բացասական ազդեցութիւն կ՚ունենան հայ համայնքի առօրեայ կեանքին եւ աշխատանքին վրայ:
«Անվտանգութեան խնդիրները իրենց բացասական ազդեցութիւնը կ՚ունենան են նաեւ պետութեան տնտեսութեան վրայ, որու հետեւանքով մեր հայրենակիցներէն շատերը հեռացած են Սուրբ Երկրէն եւ հաստատուած հայրենիքի կամ Սփիւռքի տարբեր գաղթօճախներուն մէջ»,– նշած է վարդապետը:
Մինչեւ 1948-ի արաբա-իսրայէլական պատերազմը Սուրբ Երկրին մէջ կ՚ապրէր 25.000 Հայ: 1920-ական թուականներուն երկրին հիւսիսը նոյնիսկ հայկական գիւղ հիմնուած է «Աթլիթ» անունով: Հայերու թիւը զգալիօրէն նուազած է 1948-ի պատերազմին եւ անոր յաջորդած տնտեսական ճգնաժամերու պատճառով:
Երուսաղէմի Հայկական թաղամասին մէջ ներկայիս կ՚ապրի մօտաւորապէս 3 000 Հայ: Սուրբ Երկրին (ներառեալ Պաղեստինը) մէջ շուրջ 8 000-10 000 Հայ կը բնակի: