Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ 50 ծերակուտականներ իրենց ձայնը միացուցած են Գոնկրէսի Հայկական համախմբումի համաատենապետ Ֆրենք Փալոնի եւ Յունական համախմբումի համաատենապետ Կասի Պիլիրաքիսի հեղինակած այն նամակին, որուն նպատակն է կասեցնել Թուրքիոյ արդիական F-16 ռազմական օդանաւեր վաճառելու ծրագիրը։
Ծերակուտականներու այս ջանքին կը զօրակցին նաեւ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը, քրտական, միջինարեւելեան, հնդկական եւ քրիստոնէական շարք մը կազմակերպութիւններ։
40 նոր օդանաւեր գնելու կողքին, Անգարա կ՚ուզէ նաեւ իր ունեցած շուրջ 80 F-16 օդանաւերը արդիականացնելու սարքեր գնել Ամերիկայէն։
Ծերակուտականները այս նպատակով Արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընին եւ Պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթընին յղած են նամակ մը, որուն մէջ կը շեշտուի, որ նման վաճառք մը աւելի անզսպելի պիտի դարձնէ շրջանը ապակայունացնող Անգարայի միջամտութիւնները, յիշեցնելով, որ Անգարա շարունակաբար կ՚արհամարհէ ՕԹԱՆ-ի օրէնքները։ Իբրեւ օրինակ նշուած են Սուրիոյ, Իրաքի եւ Արցախի մէջ Թուրքիոյ ապօրինի գործողութիւնները։
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Արամ Համբարեան կը շեշտէ, թէ Թուրքիան F-35 ռազմական օդանաւերու ծրագրէն դուրս հանելու ամերիկան արդար որոշումին հիման վրայ, պէտք է կասեցնել նաեւ F-16-ներու վաճառքը, անտրամաբանական համարելով Ուաշինկթընի այն պնդումը, թէ Անգարա տակաւին Միացեալ Նահանգներուն համար «կարեւոր դաշնակից մըն է»։
Ծերակուտականներուն նամակը կարդալու համար այցելեցէք
https://anca.org/assets/pdf/020422_PalloneBilirakis_F16s.pdf կայքէջը։