Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ – Նինա Խաչիկեան Պլինքընի Ենթազգային հարցերու ներկայացուցիչ նշանակուած է

 

Asbarez.com – Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարը Հոկտեմբեր 3-ին հաղորդած է, թէ Նինա Խաչիկեանը նշանակած է նախարարութեան ենթազգային (infranational) հարցերու ներկայացուցիչի նորաստեղծ պաշտօնին։

Իր նոր պաշտօնին մէջ, Խաչիկեան կապ պիտի հանդիսանայ նախարարութեան ու քաղաքային, գաւառային եւ նահանգային իշխանութիւններուն միջեւ, անոնց հետ սերտ յարաբերութիւններ հաստատելով, գլխաւորաբար նպաստելու համար կենսոլորտի ջերմացման դէմ պայքարին եւ ընկերային արդարութիւն հաստատելու եւ ժողովրդավարական հիմնարկները ամրապնդելու ջանքերուն։

Միջազգային յարաբերութիւններու հարցերու Լոս Անճըլըսի նախկին փոխքաղաքապետ Նինա Խաչիկեան նաեւ անդամ է Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարարութեան հեղինակաւոր Քաղաքական խորհուրդին։

Նշենք, որ Խաչիկեան նախագահ Պարաք Օպամայի կողմէ նշանակուած էր Հարաւ-արեւելեան Ասիոյ ազգերու կազմակերպութեան՝ ԱՍԻԱՆ-ի (ASEAN) մէջ Ամերիկայի դեսպան: Նախագահ Պիլ Գլինթընի օրերուն, ան Ազգային ապահովութեան խորհուրդի անձնակազմին մաս կը կազմէր։

Խաչիկեան յատկապէս Ասիոյ մէջ ամերիկեան քաղաքականութեան մասնագէտ է եւ «Ամերիկեան յառաջդիմութեան կեդրոն»-ի ու «Ռենտ»-ի նման հիմնարկներու մէջ աշխատելու կողքին՝ եղած է նաեւ Միացեալ Նահանգներու նախագահի Ազգային ապահովութեան խորհրդականի տեղակալի օգնական (1998-1999) եւ Դաշնակցային առեւտուրի յանձնաժողովի ատենապետի խորհրդական: Ան իրաւաբանութեան իր վկայականը ստացած է «Սթենֆըրտ» համալսարանէն: