Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ – Ֆրենք Փալոն. «ԱՄՆ 60 միլիոն տոլար օգնութիւն կը յատկացնէ Հայաստանին եւ 2 միլիոն տոլար՝ Արցախին 

ԱՄՆ-ու Գոնկրէսի Հայաստանի հարցերու յանձնաժողովի համանախագահ Ֆրենք Փալոն Թուիթըրի իր հաշիւին գրառումով տեղեկացուցած է, թէ ԱՄՆ-ու Գոնկրէսը վաւերացուցած է դաշնակցային ծախսերու մասին օրինագիծը, որուն համաձայն՝ 60 միլիոն տոլար օգնութիւն կը յատկացուի Հայաստանին եւ 2 միլիոն տոլար՝ Արցախին՝ ականազերծման աշխատանքներուն համար։  

«Ուրախ եմ, որ դաշնակցային ամավարկը կը ներառէ աննախադէպ տնտեսական օգնութիւն Հայաստանին՝ 60 միլիոն տոլարի չափով, եւ 2 միլիոն տոլար Արցախին՝ ականազերծման աշխատանքներուն համար։ Այդ պիտի օգնէ Հայաստանին ամրապնդելու իր տնտեսական զարգացումը, ուժանիւթի անկախութիւնը եւ օրէնքի գերակայութիւնը»,– նշած է ամերիկացի դիւանագէտը։