Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՈՒԶՊԷՔԻՍՏԱՆ – Միրզոյեան-Լաւրով հանդիպում

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան Ապրիլ 14-ին գլուխ-գլխի զրոյց մը ունեցած է Ռուսաստանի իր պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Հանդիպումը տեղի ունեցած է Սամարղանտի մէջ ընթացող ԱՊՀ-ի Արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստի շրջանակին մէջ։

Կողմերը միտքեր փոխանակած են Հայաստան-Ազերպայճան յարաբերութիւններու կարգաւորման, սահմանազատման եւ սահմանային ապահովութեան, տարածաշրջանի տնտեսական ու երթեւեկի կապերու ապաշրջափակման, Արցախի հիմնախնդրին շուրջ։

Միրզոյեան ներկայացուցած է Ապրիլ 11-ին Սիւնիքի մարզի Տեղ գիւղի մերձակայքին ազերպայճանական զինեալ ուժերուն կողմէ իրագործուած յարձակման մանրամասնութիւնները, նշելով, որ պատահածը Ազերպայճանի յարձակողական քաղաքականութեան յաջորդական դրսեւորումն է։