Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան եւ Ազերպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ հիւրի կարգավիճակով կը մասնակցին Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան (ՇՀԿ) համաժողովին։ Այս մասին Դիմագիրքի իր էջին գրած է Ուզպէքիստանի նախագահի մամլոյ քարտուղար Շերզոտ Ասատով։
Համաժողովին իբրեւ ՇՀԿ-ի դէտ երկիրներու ղեկավարներ կը մասնակցին նաեւ Պելառուսի, Իրանի եւ Մոնկոլիոյ նախագահները։
«Գալ շաբաթ (Սեպտեմբեր 15-16) Սամարքանտի մէջ տեղի կ՚ունենայ Շանկհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստը։ Հոն՝ 2019-էն ի վեր ՇՀԿ-ի ղեկավարներու առաջին դէմ առ դէմ հանդիպումը կը կայանայ»,– գրած է Ասատով։
Նշենք, թէ ՇՀԿ-ն միջազգային կազմակերպութիւն մըն է, հիմնադրուած 2001-ին Ռուսաստանի, Չինաստանի, Ղազախստանի, Տաճիկիստանի, Քիրկիզիստանի եւ Ուզպէքիստանի կողմէ։ Սոյն ժողովին կը մասնակցին 15 պետութիւններու՝ Ռուսաստանի, Չինաստանի, Հնդկաստանի, Ղազախստանի եւ այլ երկիրներու ղեկավարներ։