Խոսէ «Փեփէ» Մուխիքա՝ Ուրուկուայի նախկին նախագահ եւ լատինամերիկեան քաղաքականութեան խորհրդանշական դէմք, իր մահկանացուն կնքած է Մայիս 13-ին, 89 տարեկան հասակին, յետ երկարատեւ հիւանդութեան։
Իր նախագահական պաշտօնավարութեան ընթացքին (2010-2015), Մուխիքա զգալիօրէն ամրապնդած է Ուրուկուայի եւ Հայաստանի միջեւ պատմական կապերը։ 2014-ին, ան Մոնթեվիտէօի մէջ հիւրընկալած է Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը պաշտօնական այցելութեան ընթացքին։ Յաջորդ տարի, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի առիթով, ան մասնակցած է Օրէնսդրական պալատին մէջ տեղի ունեցած ոգեկոչման արարողութեան, այդ ժամանակուան նախագահ Թապարէ Վասքեզի եւ Ուրուկուայի այլ նախկին նախագահներու կողքին։
«Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը մարդկութեան չլուծուած հարց մըն է», յայտարարած էր Մուխիքա 2015-ին, երբ ան կը համաձայնէր մաս կազմել Հարիւրամեակի ոգեկոչման յանձնաժողովին։ Այդ առիթով, ան կոչ ըրած է պայքարելու մոլեռանդութեան դէմ եւ պաշտպանելու բազմազանութիւնը։ Ան նաեւ ընդգծած է, որ «գաղթականներու աւանդոյթներուն նկատմամբ յարգանքը իմ երկրին հարստութիւններէն մէկն է» եւ Հայոց ցեղասպանութեան նման դէպքերը ոգեկոչելը կ՚օգնէ անցեալի բարբարոսութիւններու կրկնութիւնը կանխելու։
2019-ին, ան իր ագարակին մէջ ընդունած էր Արցախի Հանրապետութեան Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանը, որուն կ՚ընկերանար հայկական սփիւռքի քաղաքական պատուիրակութիւն մը։ Հոն ան արտայայտած էր իր զօրակցութիւնը Արցախի ժողովուրդին եւ ուշադրութեամբ լսած՝ Ազերպայճանի հետ հակամարտութեան պատմութիւնը։
Տարիներու ընթացքին, Մուխիքա նաեւ նշանակալից պահեր կիսած է հայկական ծագումով մարդկային իրաւանց գործիչներու հետ։ 2002-ին, յիշարժան հանդիպումի մը ընթացքին, նախկին քաղաքական բանտարկեալ Անահիտ Ահարոնեան պատմած էր անոր, թէ ինչպէ՛ս հաւաքաբար հիւսուած գորգ մը, որուն վրայ հայերէնով «ազատութիւն» բառը գրուած էր, յաջողած էր շրջանցել բանտային գրաքննութիւնը։ Տարիներ ետք, Անահիտ այս պատմութիւնը պիտի կիսէր Մուխիքայի եւ Թուրքիոյ հայ երեսփոխան Կարօ Փայլանի հետ։
Հայկական աշխարհին հետ իր յարաբերութիւններէն անդին, Մուխիքա բացառիկ քաղաքական գործիչ մըն էր, համընդհանուր յարգանք վայելող, յանձնառու առաջնորդ մը՝ ծառայելու իր երկրին, քան՝ իր անձնական շահերուն։ Ան յայտնի էր իր չափազանց պարզ ապրելակերպով, թէ՛ իր նախագահական պաշտօնավարութեան ընթացքին, թէ՛ անկէ ետք։ Հին Ֆոլքսվակէն Պիթըլ կառք մը, համեստ ագարակ մը որպէս բնակարան… ահա ինչքերը, որոնք կը բնութագրէին այն մարդը, որ ամբողջ աշխարհին մէջ ճանչցուած էր որպէս «ամենաաղքատ նախագահը»։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։