Ուքրաինայի մէջ Փետրուար 24-ին սկսած ռազմական գործողութիւններուն՝ առնուազն 23 ազգութեամբ հայեր զոհ գացած են: Այս մասին տուեալներ յայտնած է Ուքրաինայի Հայոց միութիւնը: Նշենք որ՝ այս զոհերէն 5-ը զինուորականներ են, մնացեալը՝ խաղաղ բնակիչներ։
Ըստ Ուքրաինայի Հայոց միութեան փոխնախագահ Դաւիթ Մկրտչեանի՝ իրավիճակը կը շարունակէ ծայրայեղ ծանր մնալ յատկապէս պաշարուած Մարիուփոլի մէջ, ուրկէ մարդիկ կը փորձեն ելքեր գտնել դուրս գալու համար։ Ուքրաինայի հայ համայնքը զանոնք կը դիմաւորէ, կը փորձէ անհրաժեշտ օգնութիւն ցուցաբերել։
“Շատ ընտանիքներ, սակայն, այս պահին դեռ Մարիուպոլում են, կապ չկայ, շատերի ճակատագիրը անյայտ է։ Ոմանք այնպիսի գօտիներում են, որ ապաստարաններից դուրս գալը չափազանց վտանգաւոր է։ Քաղաքն անընդհատ ռմբակոծութեան է ենթարկւում։ Այստեղ անընդհատ, կանոնաւորաբար ժամը հինգին սկսւում էր, մինչեւ 8-9-ը անընդհատ ռմբակոծութիւն էր… առաւօտից նորից սկսում էր”,– վկայած է ան «Ազատութեան» հետ զրոյցին։
Նաեւ՝ Ռուսաստան ու Ուքրաինա իրենց թիւերը կը ներկայացնեն երկու կողմերու կորուստներուն մասին: Այսպէս, ըստ Ուքրաինայի Սպայակոյտին՝ Փետրուար 24-էն Ապրիլ 4 Ուքրաինայի տարածքին ռուսական զօրքերը ունեցած են 18 300 զոհ։ Ըստ նոյն աղբիւրին՝ ուքրաինական բանակը փճացուցած է հակառակորդի 147 սաւառնակ, 134 ուղղաթիռ, 647 հրասայլ, 1844 մարտական զրահապատ կառք, 330 հրետանային համակարգ, 54 հակաօդային պաշտպանութեան համակարգի սարք, համազարկային կրակի 107 համակարգ, 76 քարիւղատար կառք՝ իրենց բեռներով, 92 անօդաչու, նաւատորմի 7 միաւոր եւ այն, եւ այլն։ ■