Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Չաւուշօղլու.– «Բերձորի միջանցքի վերջին զարգացումները, անկասկած, Հայաստանի անկեղծութիւնը ստուգելու փորձ պիտի ըլլան»

 

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլու՝ անդրադառնալով Ազերպայճանի կողմէ Բերձորի միջանցքի փակման հարցին, յայտարարած է, որ այնտեղ տեղի ունեցող վերջին զարգացումները, անկասկած, Հայաստանի անկեղծութիւնը ստուգելու փորձ պիտի ըլլան։

«Եղբայր Ազերպայճանի հետ սերտ համագործակցութիւնը կը շարունակուի ամէնէն բարձր մակարդակով։ Անգարա՝ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու բարելաւման հոլովոյթին մէջ իր քայլերը սերտօրէն կը համակարգէ Պաքուի հետ։ Եղբայր «Ազերպայճանի հանքերը թալանելու» (ընդգծումը՝ մեր կողմէ) փորձերը անընդունելի են»,– ըսած է թուրք նախարարը։