Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Չաւուշօղլու. «Թուրքերու ուղին կ՚անցնի Շուշայով, Ջաբրայիլով եւ Զանգեզուրով»

Մայիս 25-ին, Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլու Անթալիա նահանգի Քեփեզ քաղաքին մէջ ունեցած իր ելոյթին յայտարարած է՝ «Թուրքերու ուղին կ՚անցնի Շուշայով (Շուշի), Ջաբրայիլով (Ջրական) եւ Զանգեզուրով՝ հին թուրքական երկիր, ուր նահատակներու արիւն հոսած է»:

Ազերպայճանական APA լրատու գործակալութեան Պոլսոյ թղթակցին համաձայն՝ Չաւուշօղլու նաեւ քննադատած է նախագահական ընտրութեան ընդդիմադիր թեկնածու Քեմալ Քըլըչտարօղլուն՝ երթեւեկի նախագծէն Ազերպայճանը բացառելուն համար:

“Այսօր Հայաստանի վարչապետը կը յայտարարէ, որ իրենք պատրաստ են ճանչնալու Ազերպայճանի հողային ամբողջականութիւնը՝ ներառեալ Ղարաբաղը։ Ի՞նչը ձեզ կը մտահոգէ, ի՞նչ կ՚ուզէք Ազերպայճանէն”,– շեշտած է Թուրքիոյ Արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը:

Ան յիշեցուցած է, որ ժամանակակից Թուրքիան կը պաշտպանէ ոչ միայն իր, այլեւ ամբողջ թրքական աշխարհի շահերը։