Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Չաւուշօղլու. «Թուրքիա փակած է իր օդային տարածքը Հայաստանի գրգռութիւններուն պատճառով»

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլու, Անթալիոյ մէջ լրագրողներու հետ ասուլիսին անդրադարձած է Բերձորի միջանցքին, Հակարի կամուրջին վրայ Ազերպայճանի տեղադրած անցակէտին:

Ան շարք մը անհիմն մեղադրանքներ հնչեցուցած է Հայաստանի հասցէին՝ ըսելով.

“Հայաստան տարբեր փոքր ճամբաներով ապօրինի զէնք ու մարդուժ կը ղրկէ Լեռնային Ղարաբաղ: Ազերպայճան այս ամէնը բացայայտած է: Մեր անօդաչու սարքերը կը հետեւին։ Այդ պատճառով ալ Ազերպայճան տեղադրած է նշեալ անցակէտը, որ շատ կարեւոր է Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ազերպայճանի ապահովութեան համար”։

Չաւուշօղլու կրկնած է թուրք-ազերպայճանական այն անհիմն պնդումները, որոնց համաձայն՝ Լեռնային Ղարաբաղի տարածքները «Ազերպայճանի հողերն են»:

Թուրք դիւանագէտը նաեւ յայտարարած է, թէ Թուրքիա իր օդային տարածքը փակած է Հայաստանի «գրգռութիւններ»-ուն պատճառով։

“Մենք Հայաստանի առջեւ փակեցինք մեր օդային տարածքը՝ երրորդ երկիրներ թռիչքներու համար։ Անհրաժեշտ պարագային՝ դէպի մեր երկիր օդանաւերու թռիչքները կ՚արտօնենք, բայց չենք թոյլատրեր, որ «յատուկ» օդանաւեր անցնին մեր տարածքով, քանի տակաւին [Հայաստանի կողմէ] գրգռութիւնները կը շարունակուին։ Եթէ անոնք չդադարին, ապա մենք այլ միջոցներու կը ձեռնարկենք”,– սպառնացած է Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարարը, տեղի ունեցածին իբրեւ յաւելեալ պատճառ ներկայացնելով Երեւանի մէջ «Նեմեսիս» գործողութեան հերոսներուն նուիրուած յուշարձանին բացումը։

“Թուրքիոյ համար անընդունելի է, որ Հայաստանի մէջ մեծարեն 1920–ականներուն Թուրքերն ու Ազերիները սպանողները եւ յուշարձան տեղադրեն անոնց անունով։ 

Միայն բացառութեան կարգով արտօնած ենք Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահի օդանաւին թռիչքը, քանի որ ան պէտք էր Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան նիստին մասնակցէր։ Եթէ Հայաստան այս ձեւով շարունակէ եւ յուշարձանը չվերցնէ, ապա մենք լրացուցիչ քայլերու պիտի ձեռնարկենք”,– ընդգծած է Չաւուշօղլու։