Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Չաւուշօղլու կրկին կը սպառնայ «նոր միջոցներու ձեռնարկել»-ով, եթէ Հայաստան «չշտկէ իր սխալը»

Մայիս 23-ին, Անթալիոյ մէջ, Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլու՝ Թուրքիա ժամանած Ազերպայճանի պատուիրակութեան լրագրողներու հետ զրոյցին, յայտարարած է, թէ իրենք կը յուսան որ Հայաստան կը շտկէ իր սխալը։ 

Չաւուշօղլուի ակնարկը կը վերաբերէր Երեւանի մէջ ամիս մը առաջ տեղադրուած «Նեմեսիս»-ի արձանին։

“Հայաստանի մէջ, անցեալին մեր ազերպայճանցի եղբայրները, օսմանեան շրջանի մեր զինուորները եւ դիւանագէտները նահատակած ահաբեկիչներուն ի պատիւ արձանի տեղադրումը անընդունելի քայլ մըն էր: Մենք ալ որոշ միջոցներու ձեռնարկեցինք, փակեցինք մեր օդային սահմանը երրորդ երկիրներ գացող օդանաւերուն համար”,– ըսած է Չաւուշօղլու, սպառնալով, թէ հակառակ պարագային իրենք նոր միջոցներու պիտի ձեռնարկեն։