Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլու՝ Նիւ Եորքի ՄԱԿ-ի կեդրոնին մէջ պատասխանելով ազերպայճանցի լրագրողներու հարցումներուն, յայտարարած է, թէ Երեւան պէտք է դրական արձագանգէ Պաքուի «խաղաղարար նախաձեռնութիւններուն» (չակերտները՝ մեր կողմէ)։ Լուրը Հաղորդած է թրքական պետական «Անատոլու» գործակալութիւնը։
“Մենք կը շարունակենք կոչ ուղղել եւ խրախուսել Հայաստանը՝ արձագանգելու «այս բարի մտադրութիւններուն» (չակերտները՝ մեր կողմէ)։ Մենք կը տեսնենք, որ երկրին ներսը «արմատականները» (չակերտները՝ մեր կողմէ), իսկ դուրսէն՝ սփիւռքը ճնշում կը բանեցնեն Հայաստանի իշխանութիւններուն վրայ։ Մենք արդէն ըսինք ոչ միայն Պլինքընին (ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարար), այլեւ մեր միւս զրուցակիցներուն, որ Հայաստանը պէտք է ա՛լ աւելի խրախուսել այս ուղղութեամբ։ Պլինքընի հետ մեր հանդիպումին մենք անգամ մը եւս յիշեցուցինք, որ Թուրքիա եւ Ազերպայճան խաղաղութիւն կ՚ուզեն եւ «բարի կամք» (չակերտները՝ մեր կողմէ) կը դրսեւորեն՝ յանուն տարածաշրջանի կայունութեան ապահովման”,– ըսած է Չաւուշօղլու։
Ան յիշեցուցած է, որ ազերպայճանական կողմը Հայաստանին առաջարկած է կնքել համապարփակ խաղաղ համաձայնագիր։
Թուրք նախարարը նշած է, թէ Ազերպայճան նոյնպէս կ՚աջակցի Թուրքիոյ եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման բանակցութիւններուն։