Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Չաւուշօղլու. «Փաշինեանի օդանաւին համար ալ փակած ենք Թուրքիոյ օդային տարածքը»

Մայիս 5-ին, թրքական 24TV–ի հետ հարցազրոյցին Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլու կրկին խօսած է հայկական օդանաւերուն համար Թուրքիոյ տարածքի փակման եւ անոր պատճառներուն մասին, ըսելով, թէ Հայաստան անհաւասարակշիռ է իր յայտարարութիւններուն եւ վարած քաղաքականութեան մէջ։ 

“Երբեմն կը տեսնենք դրական յայտարարութիւն մը եւ յանկարծ բոլորովին հակառակ գործողութիւն մը։ Ցաւօք, մենք մեր ուզած անկեղծութիւնը չենք նկատեր։ Հայաստան–Ազերպայճան–Թուրքիա համագործակցութիւնը առաւելաբար Հայաստանի շահերէն կը բխի։

Երկրաշարժին եկան, օգնեցին։  Արտաքին գործոց նախարարը եկաւ Անգարա, մենք ալ շնորհակալութիւն յայտնեցինք։ Բայց հիմա մեր դիւանագէտները սպանողներուն յուշարձանը տեղադրած են։ Մենք մեր օդային սահմանը բացած էինք, հիմա փակեցինք։ VIP օդանաւերու համար ալ փակած ենք, ներառեալ Փաշինեանի օդանաւին։ Հայաստանի խորհրդարանի նախագահի պարագան բացառութիւն էր, որովհետեւ ան կու գար մասնակցելու Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան համաժողովին, որ կը հիւրընկալէինք, եւ առ այդ կարելի չէր փակել մեր օդային տարածքը կազմակերպութեան անդամի մը առջեւ”,– շեշտած է թուրք նախարարը։