Յունիս 12-ին, Չեխիոյ Օսթրավա քաղաքի «Փոքլատ» մշակութային տան մէջ առաջին անգամ ելոյթ ունեցած է բացառիկ տաղանդաւոր հայ թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեան։ «Լէոշ Եանացէք» փառատօնի շրջանակին մէջ ան ներկայացուցած է Անթոնին Տվորժաքի քոնչերթօն:
Արուեստագէտը արժանացած է ունկնդիրներու յոտնկայս եւ երկարատեւ ծափահարութիւններուն:
Ձեռնարկը հովանաւորած է Չեխիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանութիւնը։
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։