Պայրամով.– «Ազերպայճանի եւ Նախիջեւանի միջեւ կապ պիտի հաստատուի Իրանի տարածքով՝ շրջանցելով Հայաստանը»

Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեյհուն Պայրամով յայտարարած է, թէ՝ Հայաստան կը ձգձգէ «Զանգեզուրի միջանցք»-ի հարցին գծով իր ստանձնած պարտաւորութիւններու իրագործումը, եւ թէ Պաքու ամէն պարագայի երթեւեկութեան հաղորդակցութիւն կը հաստատէ Նախիջեւանի հետ։

Արդէն սկսած է Արազ (Արաքս) գետի վրայով անցնող առաջին կամուրջի շինարարութիւնը, ըստ Իրանի հետ կայացած համաձայնութեան։ Այսինքն՝ մենք Նախիջեւանի հետ երթեւեկութեան կապի այլընտրանք ունինք”Պայրամովի այս խօսքերը մէջբերած է «Թուրան» գործակալութիւնը։

Ազերպայճանի դիւանագիտութեան ղեկավարը աւելցուցած էոր՝ «պարզապէս Հայաստանին առիթ տրուած էորպէսզի դուրս չմնայ տարածաշրջանային համագործակցութենէն, եւ եթէ Երեւան սխալ որոշում կայացնէ, ապա մի՛այն ինքն իրեն վնաս կը հասցնէ»։