Modern Website Header
Website Header with Working Banner

«Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնը վարչապետի թեկնածու կ՚առաջադրէ Դաւիթ Համբարձումեանը

 

Ազգային ժողովի «Պատիւ ունեմ» խմբակցութիւնը վարչապետի թեկնածու կ՚առաջադրէ Դաւիթ Համբարձումեանը։ Լուրը կը հաղորդէ խմբակցութեան ղեկավար Հայկ Մամիջանեան։

«Նկատի ունենալով Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան գործադիր մարմինի յայտարարութիւնը՝ Ազգային ժողովի “Պատիւ ունեմ” խմբակցութիւնը սոյն թուականի Յունիս 7-ին գումարած նիստին միաձայնութեամբ որոշեց “Ազգային Ժողովի կանոնակարգ” սահմանադրական օրէնքի համաձայն վարչապետին անվստահութիւն յայտնելու առաջարկ ներկայացնել՝ որպէս թեկնածու առաջադրելով Մասիս համայնքի ղեկավար, Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան խորհուրդի անդամ Դաւիթ Համբարձումեանը»,– կը նշէ Մամիջանեան։