Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան Արցախի Հանրապետութեան տօնին առիթով՝ Սեպտեմբեր 2-ին Ստեփանակերտի յուշահամալիր այցելած եւ ծաղիկներ զետեղած է :
Պաքուի հակազդեցութիւնը անմիջական եղած է։ APA գործակալութեան համաձայն՝ Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատապարտած է Գրիգորեանի՝ Արցախ կատարած այցը եւ այդ քայլը որակած «յաջորդական գրգռութիւն՝ Հայաստանի կողմէ»։
Ազերպայճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, թէ այդ քայլը առնուած է՝ Հայաստանի եւ Ազերպայճանի ղեկավարներու՝ Պրիւսէլ կայացած հանդիպումէն անմիջապէս յետոյ եւ ան «ոչ միայն ստուեր կը նետէ հանդիպումին ձեռք բերուած համաձայնութիւններուն վրայ, այլեւ ակնյայտօրէն ցոյց կու տայ կարգաւորման գործընթացին մէջ Հայաստանի անկեղծ չըլլալը»:
«Հայաստանի յայտարարութիւնները՝ Ազերպայճանի նկատմամբ հողային պահանջներ չունենալու վերաբերեալ, հեռու են անկեղծ ըլլալէ, Երեւան ոչ ալ կը յարգէ միջազգային միջնորդներու ջանքերը»,– նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։