Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՊՈԼԻՍ – Բագրատ Էսդուգեան արժանացած է խօսքի ու մտքի ազատութեան մրցանակի

Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթի հայկական բաժնի խմբագիր, լրագրող, հրապարակագիր Բագրատ Էսդուգեան արժանացած է Թուրքիոյ Մարդկային իրաւանց միութեան՝  խօսքի ու մտքի ազատութեան «Այշէ Նուր Զարաքոլու» մրցանակին։

Մրցանակի յանձնումի արարողութիւնը տեղի ունեցած է Մայիս 9-ի երեկոյեան, նոյն Միութեան Պոլսոյ կեդրոնատեղիին մէջ։ 

2002-ին մահացած գրող, հրապարակախօս, հրատարակիչ Այշէ Նուր Զարաքոլու եղած է Թուրքիոյ Մարդկային իրաւանց միութեան հիմնադիրներէն։ Ան իր ամբողջ կեանքը նուիրած է այդ գործին: Անոր յիշատակին հաստատուած է այս մրցանակը, որ  21 տարիէ ի վեր կը շնորհուի այս պայքարի առաջամարտիկներուն: Ան կինն էր ծանօթ մտաւորական, հրատարակիչ Ռակըփ Զարաքոլուի, որ քաղաքական պատճառներով ներկայիս ապաստանած է Շուէտ։ 

Աւելցնենք, որ Բագրատ Էսդուգեանի հետ 2023-ի մրցանակին արժանացած են  նաեւ «Պիանէթ» ընդդիմադիր կայքէջի հիմնադիրը եւ «Ազատ մամուլի նուիրեալներ»-ը: