Պոլսոյ մէջ, 83 տարեկանին կեանքին հրաժեշտ տուած է նշանաւոր արձակագիր, գիւղագիր եւ փիլիսոփայ Մկրտիչ Մարկոսեան։
Ծնած է Տիգրանակերտ, 1938-ին։ Յաճախած է ծննդավայրի դպրոցը, այնուհետեւ Պոլսոյ՝ Պեզճեան nւ Կեդրnնական վարժարանները։ Աւարտած է Պոլսոյ համալսարանի գրականութեան բաժանմունքի փիլիսոփայութեան ճիւղը։
Մարկnսեան 1966-1972 թուականներուն վարած է Սկիւտարի Ս. Խաչ Դպրեվանքի տնօրէնի պաշտօնը, միեւնոյն ժամանակ այնտեղ դասաւանդելով փիլիսոփայութիւն, հոգեբանութիւն, հայերէն լեզու եւ գրականութիւն։
Ինչ կը վերաբերի Մարկոսեանի գրական վաստակին՝ ան սկսած է գրել Կեդրոնականի աշակերտութեան օրերէն։ 1959-ին Վարդերես Գարակէօզեանին հետ հրատարակած է «Թօ» ամսագիրը։ Այնուհետեւ հայերէն nւ թրքերէն յօդուածներnվ nւ գեղարուեստական գnրծերnվ սկսած է աշխատակցիլ պnլսահայ մամnւլին։ «Մարմարա» եւ «Ժամանակ» օրաթերթերուն մէջ տպագրուած հայերէն պատմուածքներու մէկ մասը հրատարակած է «Մեր այդ կողմերը» վերնագրով գիրքին մէջ (1984), որուն համար ալ 1988-ին արժանացած է «Էլիզ Քաւուքճեան» գրական մրցանակին (Փարիզ-Ֆրանսա)։
Իր գործերէն յիշենք նաեւ՝ «Կեաւուր թաղ»-ը (1992), «Տիգրիսի ափերէն»-ը (1999), «Համրիչի հատիկներ»-ը (2006), «Զուռնա»-ն (2009), «Ատամնափորիչ»-ը (2010), «Կեռիքով ասեղ»-ը (2010)։ 2010-ին «Կեաւուր թաղ»-ի՝ հայերէն, թրքերէն եւ քրտերէն տարբերակները հրատարակուած են մէկ հատորով։
Աշխատակցած է «Ժամանակ», «Մարմարա», «Ակօս», «Կիւնտեմ» եւ «Ենի Եիւզեըլ» թերթերուն։
Մկրտիչ Մարկոսեան իր ստեղծագործութիւններուն մէջ սեփական ծննդավայրը՝ Տիարպեքիրը (Տիգրանակերտ), մեզի կը ներկայացնէ իր Հայով, Ասորիով, Քաղդէացիով, Հրեայով, Եզիտիով, Թուրքով ու Քիւրտով, միայն իրեն յատուկ լեզուով։
Մարկոսեան՝ 2013-ին, իր ունեցած 17-րդ դարու Աւետարան մը նուիրած է Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցիին։ Հնատիպ Սուրբ գիրքը յայտնաբերած էր այդ թուականէն 12 տարիներ առաջ, դիպուածով։