Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Պոլսոյ նահանգապետարանը այս տարի ալ արգիլած է Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման արարողութիւնը

«Ակօս»-ի համաձայն՝ Պոլսոյ նահանգապետարանը կրկին արգիլած է Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման արարողութիւնը։

Նոյն աղբիւրը՝ յղում ընելով Ապրիլ 24-ի յիշատակի արարողութեան կազմակերպիչներուն, կը հաղորդէ, թէ Պոլսոյ նահանգապետարանը որեւէ տրամաբանական հիմք չէ ներկայացուցած արարողութեան արգիլման պատճառներուն մասին։ «Երբ ցեղասպանութիւնը ուրացողները, փոքրամասնութիւն դարձած ժողովուրդներու հասցէին ցեղապաշտական, ատելութեան խօսքեր կը հնչեցնեն եւ այդ նիւթերով հաւաքոյթներն ու ցոյցերը ազատ են, անընդունելի է 1915-ին մեր կորսնցուցածը յարգանքով եւ հանդարտօրէն յիշատակելու մեր ձեռնարկին արգեիլումը»,– նշուած է կազմակերպիչներուն կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ։