Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Պոլսոյ պատրիարքական աթոռը 564 տարեկան

 

Պոլսոյ պատրիարքութիւնը Դիմագիրքի իր էջին գրառումով կը հաղորդէ.

«Պատրիարքական Աթոռոյս հաստատութեան 564-րդ տարեդարձը նշուեցաւ Յունիս 11-ին, Ս. Աստուածածին աթոռանիստ մայր տաճարի մէջ։

Սահակ Բ. պատրիարք հայրը ժամը 10-ին հոգեւորականաց թափօրով առաջնորդուեցաւ Մայր տաճար։ Արարողութեան մասնակցեցան Աթոռոյս միաբան հայրերը եւ քահանայից դասը։

Նախ կատարուեցաւ գիշերային կանոնական ժամերգութիւն, որուն յաջորդեց Պատրիարքական աթոռոյ մաղթանքը։

Մաղթանքի աւարտին քարոզեց Նորին Ամենապատւութիւնը եւ նախ գոհութիւն ու փառք մատուցանեց Աթոռոյ 564-րդ տարեդարձին առթիւ։ Մեր Հոգեւոր պետը անդրադարձաւ, որ Սուլթան Մեհմետ Բ.-ի շրջանին ինչպէ՛ս հաստատուեցաւ Պոլսոյ պատրիարքական աթոռը եւ առաջին պատրիարքը եղաւ Պրուսայի Յովակիմ եպիսկոպոսը։ Յիշելով պատմական սոյն Աթոռի դերն ու կարեւորութիւնը՝ ըսաւ, թէ պատմութիւնը կը շարունակուի մեր Պատրիարքութեան պարագային եւս եւ ան կը շարունակէ ծառայել մեր ժողովուրդին եւ հովանաւորել զայն, իր ուժն առնելով արմատներէն, ինչպէս նաեւ Ս. հոգիէն, որ Եկեղեցւոյ հիմնադիրն է։

Մեր Հոգեւոր պետը հաղորդեց, թէ այս Աթոռը՝ Յովակիմեան պատմական աւանդը աւելի քան 560 տարի շարունակած է գոյատեւել եւ հովուել իրեն վստահուած հօտը այս երկրի սահմաններուն մէջ, հոգեւոր մատակարարութիւն ջամբելու ջանքով: Նորին Ամենապատուութիւնը ներկաներուն յիշեցուց քրիստոսաւանդ այն խօսքը, որ հունձքը շատ է եւ մշակները՝ քիչ եւ հրաւիրեց բոլորը աղօթելու Հունձքի Տիրոջ, որ իր անդաստանին համար նոր մշակներ հասցնէ։ Պատրիարք հայրը խօսքի աւարտին բազում տարիներ մաղթեց Պոլսոյ Աթոռին եւ իր հօտին:

Հանգստեան աղօթքով յիշատակուեցան Աթոռոյս երանաշնորհ գահակալները։

Ապա կազմուած թափօրը առաջնորդուեցաւ Պատրիարքարանի դահլիճը, ուր Աթոռի տարեդարձին առթիւ պատուասիրութիւն կատարուեցաւ եւ ներկաները շնորհաւորեցին Նորին Ամենապատուութիւնը»։