Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Պորէլ. «Բերձորի միջանցքին միակողմանի անցակէտի տեադրումը կը հակասէ լարումը թուլցնելու ԵՄ-ի կոչերուն»

ԵՄ-ի Արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերու բարձր յանձնակատար Խոսէփ Պորէլ Թուիթըրի իր հաշիւին կատարած է հետեւեալ գրառումը.

«Ազերպայճանի կողմէ Բերձորի միջանցքին միակողմանի անցակէտի տեղադրումը կը հակասէ լարումը թուլցնելու եւ խնդիրները երկխօսութեան միջոցով լուծելու Եւրոպական Միութեան (ԵՄ) կոչերուն։ ԵՄ կը շարունակէ մասնակցիլ Հարաւային Կովկասի խաղաղութեան եւ կայունութեան խթանումին։ Ղարաբաղի Հայերու իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը պէտք է ապահովուին»: