Յուլիս 28-ին, Եւրոպական խորհուրդի շէնքին դիմաց տեղի ունեցաւ բողոքի լուռ ցոյց մը, որու հիմնական նպատակն էր Խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլի եւ միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրել Արցախի մէջ առկայ մարդասիրական աղէտին վրայ։ Ցուցարարները կը պահանջէին ճնշում բանեցնել Ազերպայճանի վրայ, որպէսզի ան վերջ տայ Արցախի ապօրինի շրջափակման։ Անոնք պարզած էին մսող եւ մոմի լոյսին տակ մնացած երախաներու, Արցախի դատարկ խանութներու պատկերներ, իսկ պաստառներու վրայ կարելի էր կարդալ՝ «Միջազգային հանրութեան լռութիւնը կը սպանէ մեր երախաները», «Երեսուն հազար երախայ զրկուած է սնունդէ եւ դեղորայքէ», «Բացէք Արցախի կեանքի ճանապարհը»…։
Նշենք, թէ ցոյցը կազմակերպուած էր Պելճիքայի հայ համայնքին կողմէ՝ «Եւրոպացիները յանուն Արցախի» համաեւրոպական շարժումի շրջանակին մէջ։ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախաձեռնութեամբ եւրոպական շարք մը երկիրներու հայ համայնքներու ղեկավարները հիմնած են այս շարժումը։