Եւրոպական Խորհրդարանի նետերլանտցի երեսփոխան Փիթըր Վան Տալենի (EPP խմբակցութիւն) նախաձեռնութեամբ եւ ՀՅԴ Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի համակազմակերպմամբ, Եւրոպական Խորհրդարանին մէջ Սեպտեմբեր 8-ին տեղի ունեցած է «2020-ի պատերազմը եւ մարդկային իրաւունքները Արցախի մէջ» խորագրով խորհրդաժողովը։
Հայ դատի կեդրոնական գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն՝ խորհրդաժողովի հիմնական զեկուցողները եղած են Արցախի մարդկային իրաւանց պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան եւ Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին (ՄԻԵԱ) մէջ հայ ռազմագերիներու ներկայացուցիչ Սիրանոյշ Սահակեան։
Նիստին ներկայ եղած են Եւրոպական Խորհրդարանի բազմաթիւ երեսփոխաններ՝ տարբեր քաղաքական խմբակցութիւններէ, քաղաքական գործիչներ, դիւանագէտներ եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ:
Նիստի ընթացքին երեսփոխան Փիթըր Վան Տալեն վերահաստատած է Արցախին օժանդակելու իր պատրաստակամութիւնը՝ նշելով․-
“Ես կանգնած եմ հայ ժողովուրդի կողքին։ Արցախի բնիկ հայ ժողովուրդի կեանքը եւ անոր մշակութային ժառանգութիւնը սպառնալիքի տակ են։ Մենք ոչ թէ պէտք է ընդունինք որեւէ «սթաթուս քուօ», այլ ապահովենք Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան համար իր պատմական հողին վրայ ապրելու երաշխիքներ”։
Հայ դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան, բացման խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնելով խորհրդաժողովի մասնակիցներուն եւ խորհրդաժողովին նախաձեռնող երեսփոխան Փիթըր Վան Տալենին, շեշտած է․-
“2020-ին Ազերպայճանի սանձազերծած Արցախեան երկրորդ պատերազմը Արցախի ժողովուրդը իր բնօրրանին մէջ ցեղային զտումի ենթարկելու նոր փորձ մըն էր։ Իր հայրենիքին մէջ հայ ժողովուրդի ազատ եւ անկախ ապրելու իրաւունքը հիմնարար մարդկային իրաւունք է։ Եւրոպական Խորհրդարանը արդէն իր հրատապ բանաձեւով դատապարտած է Ազերպայճանի պետական մակարդակով հովանաւորած հայատեացութեան քաղաքականութիւնը, որ ինքնին ա՛յն փաստի ճանաչումն է, թէ Արցախի ժողովուրդի գոյութիւնը Ազերպայճանի տիրապետութեան տակ անկարելի է”։
Խորհրդաժողովի հիմնական զեկուցողները անդրադարձած են Արցախեան երկրորդ պատերազմին եւ անոր յաջորդող ժամանակաշրջանին մարդկային իրաւանց եւ միջազգային համաձայնագրերու կոպիտ խախտումներուն։
Արցախի հանրապետութեան մարդկային իրաւանց պաշտպան Գեղամ Ստեփանեան մասնաւորապէս ընդգծած է․-
“Ցեղային զտումներու ազերպայճանական քաղաքականութիւնը, սպառնալիքներու եւ բռնութիւններու կիրարկումն ու բնակչութեան վրայ հոգեբանական ճնշումները նպատակ ունին խաթարելու բնականոն կեանքը, ինչպէս նաեւ՝ անվստահութիւն սերմանելու Արցախի հայ ժողովուրդի ապագայի նկատմամբ։ Այս անվստահութիւնը հետզհետէ կ՚աճի, յատկապէս այն պարագային, երբ Արցախի կարգավիճակի հարցը բանակցութիւններու քննարկման նիւթ չի դառնար, մասնաւորապէս նաեւ Եւրոպական Միութեան միջնորդութիւններու ժամանակ”:
ՄԻԵԱ-ի մէջ հայ ռազմագերիներու պաշտօնական ներկայացուցիչ Սիրանոյշ Սահակեան՝ Ազերպայճանի դէմ միջազգային դատարաններու համապատասխան որոշումները իրաւական տեսանկիւնէ ներկայացնելէ բացի, շեշտած է.-
“Հայատեացութիւնը դարձած է Ազերպայճանի որոշիչ յատկանիշը, որ կը դրսեւորուի խօսքի ատելութեան, հայազգի բանտարկեալներու նկատմամբ դաժան վերաբերումի, Հայերու նկատմամբ ցեղային բռնութեան հերոսացման, ցեղային զտումի, պատմութիւնը ժխտելու ձեւերով”։
Զեկոյցներուն յաջորդած է հարցում-պատասխանի բաժինը, ներառեալ՝ ձեռնարկին ներկայ Ազերպայճանցիներու մասնակցութեամբ։