Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Պրիւսէլի մէջ Եւրոպայի հայ համայնքներու ղեկավար-ներկայացուցիչները քննարկեցին ծրագիր՝ յաջակցութիւն Արցախի

Յուլիս 6-ին Պրիւսէլի մէջ կայացաւ Եւրոպայի շարք մը երկրներու հայ համայնքներու ղեկավար-ներկայացուցիչներու հանդիպումը։ Ներկայացուած էին Եւրոպական Միութեան այն անդամ-երկիրները, ուր հայ համայնքը ունի միասնական ներկայացուցչական մարմին, ինչպէս՝ Պելճիքա, Գերմանիա, Ֆրանսա, Յունաստան, Կիպրոս, Շուէտ եւ Ռումանիա։ Հանդիպումը կազմակերպած է ՀՅԴ Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը։

Պրիւսէլեան ժողովին գլխաւոր նպատակն էր քննարկել Արցախի շուրջ ստեղծուած օրհասական իրավիճակը եւ համախմբել, ինչպէս նաեւ զօրաշարժի ենթարկել Եւրոպական Միութեան հայկական սփիւռքը՝ ի պաշտպանութիւն Արցախահայութեան անքակտելի իրաւունքներուն։

Հայկական սփիւռքի ներկայացուցիչները իրենց անվերպահ աջակցութիւնը արտայայտեցին Արցախի Հանրապետութեան ու ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ իրենց միասնական դիրքորոշումը յայտնեցին՝ ի պաշտպանութիւն Արցախահայութեան ազատ ինքնորոշման իրաւունքին։ Ընդգծուեցաւ, որ անընդունելի է հրաժարիլ Արցախի ազատ ինքնորոշման իրաւունքէն՝ նկատի ունենալով տասնամեակներու բանակցային գործընթացի ժառանգութիւնը, ինչպէս նաեւ ինքնորոշման իրաւունքին հաւասարազօր բնոյթը՝ Արցախահայութեան իր իսկ հայրենիքին մէջ ազատ ապրելու իրաւունքին։

Շեշտուեցաւ, որ Ազերպայճան Արցախի մէջ կը վարէ ցեղային զտման յստակ քաղաքականութիւն, ինչպէս նաեւ կը ցուցաբերէ յարձակողական, առաւելապաշտական դիրքորոշում նաեւ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ, որոնց պէտք է ընդդիմանալ՝ համախմբելով սփիւռքի ներուժը եւ օգտագործելով հասանելի բովանդակ գործիքակազմը։     

Ժողովի մասնակիցները քննարկեցին յառաջիկայ քայլերու համաեւրոպական ծրագիր, եւ որպէս Եւրոպական Միութեան անդամ-երկիրներու պահանջատէր քաղաքացիներ, յստակացուցին միասնական  դիրքորոշում՝ ուղղուած Եւրոպական Միութեան, Եւրոպայի խորհրդի, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան անդամ-երկիրներու ղեկավարներուն՝ յորդորելով վերջիններուս հաւատարիմ մնալ մարդկային իրաւանց պաշտպանութեան եւ  արդիւնաւէտ ճնշման գործիքակազմ կիրարկել  Ազերպայճանի վրայ։ Որոշում կայացուեց աւ նախաձեռնութիւններու շարք մը սկսելու։ Այս եւ այլ նախաձեռնութիւններու վերաբերեալ հանրութեան մանրամասնութիւններ պիտի ներկայացուին մօտ ապագային։