Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ազերպայճանի իշխանութիւնները ձերբակալած ու գերեվարած են Ռուբէն Վարդանեանը

 

Արցախի նախկին Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի կինը՝ Վերոնիքա Զոնապենտ Սեպտեմբեր 27-ին ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը հրապարակած է.

«Այսօր առաւօտեան ամուսինս՝ բարերար, գործարար, Արցախի Հանրապետութեան նախկին Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեան, սահմանին ձերբակալուեցաւ եւ գերեվարուեցաւ ազերպայճանական իշխանութիւններուն կողմէ, երբ կը փորձէր լքել Արցախը՝ ազերպայճանական բռնագրաւումէ փախող հազարաւոր այլ Հայերուն հետ։

Շրջափակման տասը ամիսներուն Ռուբէնը ուս-ուսի տուած կեցած էր Արցախցիներու կողքին, հակառակ դժուարութիւններուն՝ անոնց հետ գոյատեւման պայքարի մէջ։ Կը խնդրեմ, որ աղօթէք ինծի հետ, որ ամուսինս ազատ արձակուի»։