Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ռուբէն Վարդանեան. «Վստահ եմ՝ մեր առջեւ ծառացած բոլոր խնդիրները լուծելի են»

 

Արցախի Հանրապետութեան Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի նախագահութեամբ, փետրուար 13-ին տեղի ունեցած է խորհրդակցութիւն՝ պետական մարմիններու ղեկավար կազմի մասնակցութեամբ:

ներկայացնելով ընթացիկ իրավիճակը՝ նախարարը նշած է, որ արդէն աւելի քան երկու ամիս է, որ Ազերպայճանի կողմէ կը շարունակուի Արցախի շրջափակումը՝ ծանր հետեւանքներ ունենալով թէ՛ տնտեսութեան, թէ՛ հասարակական կեանքի միւս բոլոր բնագաւառներուն համար:

“Չնայած մարտահրաւէրները խորքային են՝ հասարակութիւնն արժանապատիւ կերպով արձագանգում է դրանց: Մենք անընդհատ շփւում ենք բնակչութեան տարբեր խմբերի հետ, Արցախում իսկապէս շատ մեծ ուժ կայ, որը դրսում տեսանելի չէ։ Այս ներքին ուժը մեզ անհրաժեշտ է դժուարութիւնները միասին յաղթահարելու համար։ Շատ գործ կայ անելու։ Այն աշխատանքները, որոնք սկսել ենք,  կը շարունակուեն աւելի աշխուժօրէն։ Վստահ եմ, որ մեր առջեւ ծառացած բոլոր խնդիրները լուծելի են”,– ըսած է Վարդանեան:

Խորհրդակցութեան ընթացքին պետական մարմիններու ղեկավարները ներկայացուցած են իրենց բնագաւառներու ընթացիկ իրավիճակը։ 

Ընկերային զարգացման նախարար Արմէն Մանգասարեան տեղեկացուցած է, որ Փետրուար 21-էն կը նախատեսուի ընդլայնել կտրօնով տրամադրուող առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներու ցանկը:

Քննարկուած են նաեւ շրջափակման տնտեսական եւ ընկերային հետեւանքները մեղմացնելու, գարնան համար գիւղատնտեսական աշխատանքներու նախապատրաստութեան, կրթութեան, առողջապահութեան, ենթակառոյցներու եւ շարք մը այլ ոլորտներու վերաբերող հրատապ հարցեր: