Արցախի մեկուսացման 44-րդ օրը, մինչ Եւրոպական Միութիւնը կը հաստատէր հայ-ազերպայճանական սահմանի մնայուն դիտարկման համար քաղաքացիական առաքելութիւն մը ղրկելու որոշումը եւ կը պահանջէր Ազերպայճանէն ապաշրջափակել Բերձորի միջանցքը, մինչ ԱՄՆ-ու Արտաքին գործոց նախարարը նոյնպէս կը պահաջնէր Ազերպայճանէն անյապաղ միջանցքը բանալ առեւտըրային փոխանակումները վերահաստատելու համար եւ մարդակային աղէտին առաջքը առնելու, սակայն անդին Ազերպայճան անվրդով կը շարունակէր արդէն 44 օրէ ի վեր տեւող իր շրջափակումը։ Այս մթնոլորտին մէջ է, որ կարեւոր տեսազրոյց մը ունեցաւ BBC-ի “Hardtalk” յայտագրի հեղինակ ու հաղորդավար Սթեֆըն Սաքուր Արցախի Պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի հետ։ Սուր եւ կնճռոտ թեմաներ չէին պակսեր Ռուբէն Վարդանեանը նեղը դնելու եւ զայն արժեզրկելու համար, կամ անկէ հակառուսական արտայայտութիւններ կորզելով՝ նուաստացնելու Արցախի ինքնշխանութեան պահանջները։ Սակայն, Ռուբէն Վարդանեան սրամիտ ու վարպետ բանավիճող, Սաքուրի դիմաց ցոյց տուաւ իր բոլոր կարողութիւնները եւ վերջապէս անկաշկանդ վերահաստատեց Արցախի Հանրապետութեան ազատ ապրելու իրաւունքը, պայքարելու պատրաստակամութիւնը, ազերական բռնատիրութենէ անջատուելու անոր օրինական իրաւունքը՝ միջազգային օրէնքի տրամադրութիւններուն համաձայն։
Սաքուր-Վարդանեան տեսազրոյցի ընթացքին յատկանշական էր հաղորդավարին կողմէ Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւններու միջեւ Արցախի Հանրապետութեան ճակատագրին վերաբերեալ պետական քաղաքականութեան տարբերութեան շահագործումը, նկատել տալով որ Հայաստանը այլեւս Արցախը կը ճանչնայ իբրեւ Ազերպայճանի հողային ամբողջականութեան մաս եւ կը բարձրացնէ միայն Արցախցիներուն մարդկային իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցը։ Ասոր իբր պատասխան Վարդանեան յայտնեց, որ Հայաստան յայտարարած է, թէ կ՚ընդունի Արցախցիներուն ինքնիշխան որոշումը եւ թէ Արցախ անկախ պետութիւն է, պիտի պայքարի իր անկախութեան ճանաչման համար, պատրաստ է Ազերպայճանի հետ իբրեւ հարեւան ապրելու, բայց երբեք պիտի չընդունի անոր բռնատիրական լուծը, որ կը խեղդէ ազերի ժողովուրդին տարրական ազատութիւնները, ուր մնաց որ յարգէ Արցախցիներուն իրաւունքները։
Անկախութենէն ի վեր Հայաստան-Արցախ յարաբերութիւնները եղած են պղտոր։ Երկու Հանրապետութիւն հիմնելու ռազմավարութիւնը առաջին օրէն ձախողած է, որովհետեւ Երեւան որոշած է Արցախի փոխարէն։ Նոյնիսկ Լեւոն Տէր Պետրոսեան, որ Հայաստանի նախագահներուն մէջ ամենէն գրագէտը եւ հեռատեսը կը համարուէր, նախատեսած ըլլալով պատերազմի անլոյծ մնալուն վնասաբեր հետեւանքները, նո՛յնիսկ ան չէ յարգած Արցախի անկախ պետութիւն ըլլալու հանգամանքը, Արցախի նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանը Հայաստանի վարչապետ նշանակելով։ Ո՞ւր տեսնուած է, որ երկրորդ պետութեան մը նախագահը մէկ օրէն միւսը նշանակուի այլ պետութեան վարչապետ։ Հետեւաբար, պատերազմական պայմանները կը պարտադրեն Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու արտաքին քաղաքականութեան ռազմավարական հակասութիւն մը, որ Ռուբէն Վարդանեան կ՚ընդունի իբրեւ իրողութիւն, առանց թշնամանքի, պաշտպանել կարենալու համար Արցախահայութիւնը ռուսական-ազերական-արեւմտեան-իրանական ուժերու բարդ յարաբերութեան մէջ։
Ալիեւի կողմէ Արցախի շրջափակումին գլխաւոր նպատակը Արցախցիները վտարելն է իրենց հողերէն, զրկանքով, զէնքով, վախցնելով, ճնշելով, ջարդելով։ Վարդանեանը բարոյական հսկայական ուժ է, նեցուկ է Արցախցիներուն, որ չյուսահատին, չվախնան, չլքեն իրենց պապենական հողը. պայքարին անկախութեան համար, չյուսալքուին։ Նոյնիսկ եթէ Ռուսաստանի մարդն է, ներկայիս միակ անձն է, որ իր փառաւոր հարստութիւնը, միլիառները թողած, եկած է Արցախ ու նոյն ճակատագիրը կ՛ապրի Արցախցիին հետ։
Արեւմուտքը Արցախը փրկելու համար մատ պիտի չշարժէ։ Զէնք պիտի չուղարկէ, զինուոր պիտի չուղարկէ։ Արեւմուտքին նպատակն է Ռուսերը վտարել Հարաւային Կովկասէն։ Այդ մեծ պայքարին զոհ պէտք չէ երթան Հայութիւնը, Արցախը եւ Հայաստանը։ Միամիտ պէտք չէ ըլլալ, փրկութիւնը պիտի չգայ Ռուսերէն, ո՛չ ալ Արեւմուտքէն։ Փրկութիւնը պիտի գայ մեր ինքնապաշտպանութեան կարողութենէն։
Ժ.Չ. ■