Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՌՈՒՄԱՆԻԱ. Սումկայիթի ջարդերու 34-րդ տարելիցը ոգեկոչուած է Պուքրէշի Հայոց եկեղեցւոյ մէջ 

Սումկայիթի ջարդերու 34-րդ տարելիցին առիթով, Փետրուար 27-ին Ռումանիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ, Պուլկարիոյ Հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Տաթեւ եպիսկոպոս Յակոբեանի տնօրինութեամբ եւ օրհնութեամբ, Պուքրէշի Սրբոց Հրեշտակապետաց մայր տաճարին մէջ մատուցուած է պատարագ՝ ձեռամբ Գրիգոր քահանայ Հոլկայի:

Պատարագի աւարտին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուած է բոլոր նահատակներու հոգիներու խաղաղութեան համար: Արարողութեան մասնակցած են Ռումանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Սերկէյ Մինասեան, Ռումանահայոց միութեան նախագահ Վարուժան Ոսկանեան, թեմական ու ծխական խորհուրդներու անդամներ, հաւատացեալներ:

Այնուհետեւ Գրիգոր քահանայ կարդացած է Սրբազան հօր պատգամը, ուր մասնաւորապէս նշուած է.-

«Այսօր, յարգանքի տուրք մատուցելով Սումկայիթի հայկական ջարդերու անմեղ զոհերուն, անգամ մը եւս կ՚ընդգծենք, թէ մենք պիտի չընկրկինք, ՀԱՅ ԱԶԳԸ պիտի շարունակէ սրբազան պայքարն իր պատմական հայրենիքին մէջ ազատ, անկախ և արժանապատիւ կեանքով ապրելու համար, ըլլայ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան, թէ մեր պատմական եւ առժամեայ կորուսեալ հայրենիքի այլ հատուածներուն մէջ: Հայ ազգը երբեք ծունկի չէ եկած եւ ծունկի պիտի չգայ ոեւէ բարբարոսի եւ նուաճողի առջեւ, հայ ազգը երբեք պիտի չհրաժարի Արցախէն ու իր պատմական հայրենիքէն»։

Աւարտին, արարողութեան մասնակիցները ծաղկեպսակներ զետեղած են եկեղեցւոյ պարտէզը գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած խաչքարին առջեւ: