Ռուս խաղաղապահներու ուղեկցութեամբ՝ ուխտաւորներ այցելած են Ամարասի վանքը

Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ վերջերս, Հայաստանէն ու Արցախէն աւելի քան 150 ուխտաւոր, ռուս խաղախապահներու ուղեկցութեամբ այցելած է Ամարաս վանական համալիր, որ կը գտնուի Արցախի սահմանազատման գիծին մօտ:

Եկեղեցական պատարագի նախօրեակին խաղաղապահները վանական համալիրի յարակից տարածքին մէջ ստուգումներ կատարած են: