Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ռուսաստան-Ազերպայճան՝ գերլարուող յարաբերութիւնները

Վերջին քանի մը օրերուն՝ կայծակնային արագութեամբ գերլարուած են Ռուսաստան-Ազերպայճան յարաբերութիւնները, որոնք քանի մը ամիսէ ի վեր արդէն որոշ «սասանում» մը կը մատնէին. ատոր որպէս փաստ եթէ հարկ ըլլայ մէջբերել, ի միջի այլոց, օրինակ մը՝ կրնանք յիշել Պաքուի մէջ պետական հրահանգով փակումը «Ռուսաստանի տուն»-ին։ 

Ներկայիս, կողմերը փոխադարձ ձերբակալութիւններու ալիք մը սանձազերծած են։ 

Երեւութապէս (հարկ է ընդգծել «երեւութապէս»-ը), երկու երկիրներու յարաբերութիւններու գերլարման առաջնորդած այս վերջին զարգացումները սկսած են Ռուսաստանի մէջ ձերբակալումովը Ազերպայճանի քաղաքացիներու, որոնք կ՚ամբաստանուին Ուքրաինայի ի նպաստ լրտեսական գործունէութիւն ծաւալելով։ 

Ասոր ի պատասխան, Պաքուի մէջ ալ ձերբակալուած են խումբ մը ռուսեր, որոնք կ՚ամբաստանուին նոյնպէս լրտեսութեամբ։ Հոս փակագիծ մը բանալով նշենք, թէ ազերպայճանական կողմը,– դժբախտաբար մեզի խիստ ծանօթ,– իր դասական գործելաոճով՝ լրատու միջոցներով եւ ընկերային ցանցերու վրայ մեծ հպարտութեամբ տարածած է խնդրոյ առարկայ ռուսերու ձերբակալման նուաստացուցիչ տեսանիւթեր։  

Կարեւոր է նշել, թէ ձերբակալուածներու շարքին են ռուսական լրասփիւռ «Sputnik Ազերպայճան»-ի տնօրէն Իկոր Քարթավիխի եւ գլխաւոր խմբագիր Եւկենի Պելուսով, որոնք Պաքուի դատարանին կողմէ արդէն 4 ամիս բանտարկութեան դատապարտուած են։

Այս ձերբակալութեանց լոյսին տակ, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ազերպայճանի դեսպանին բողոք ներկայացուցած է՝ «Մոսկուայի հետ յարաբերութիւնները խաթարելու Պաքուի անբարեացակամ քայլերուն եւ Ռուսաստանի ներքին գործերուն միջամտութեան» վերաբերեալ:

Մոսկուա, բնականաբար, այս ազդարարագրով չէ գոհացած եւ դիմած է պատասխան քայլերու։ Վորոնեժի մէջ ձերբակալուած է ազերպայճանցի ձեռնարկատէր եւ «Ալեքսէեւեան շուկայի» համասեփականատէր Եուսիֆ Խալիլովը։ Եկատերինպուրկի մէջ ալ ձերբակալած են ազերպայճանական սփիւռքի առաջնորդ, «Պաքու փլազա»-ի սեփականատէր Շիխլինսքին եւ որդին։