Ռուսաստանի Արմաւիր քաղաքին (Կրասնոտարի շրջան) մէջ վերսկսած է աւելի քան մէկդարեայ պատմութիւն ունեցող հայկական «Կռունկ» թերթի տպագրութիւնը։
«Կռունկ»-ը առաջին անգամ այս քաղաքին մէջ լոյս տեսած է 1917 Մայիսին՝ Ներսէս Երտեցեանի խմբագրութեամբ։ Պարբերականը կը լուսաբանէր քաղաքի հայ բնակչութեան կեանքը, սակայն Խորհ. Միութեան տարիներուն դադրած է անոր հրատարակութիւնը։ «Կռունկ»-ը վերածնած է յետխորհրդային տարիներուն եւ լոյս տեսած 1995-1999 թուականներուն՝ «Արմաւիր» մշակոյթի և գթութեան հայկական ընկերակցութեան կողմէ, որուն ղեկավարն էր Արտեմ Ավանէսով։ Որոշ պատճառներով թերթին հրատարակումը կրկին դադրեցուած է։
Ռուսալեզու «Երկրամաս»-ի համաձայն՝ այս օրերուն Ռուսաստանի Հայերու միութեան Արմաւիր քաղաքի տեղական բաժանմունքի նախագահ Ռոբերտ Գալուստով որոշած է վերսկսիլ «Կռունկ»-ի հրատարակութիւնը: Օգոստոս 29-ին, տեղի ունեցած է թերթին նոր շրջանի առաջին թիւին շնորհահանդէսը։ «Կռունկ»-ը ընթերցողներուն տեղեկութիւններ կը հաղորդէ քաղաքի հայ համայնքին մէջ իրագործուող աշխատանքներուն մասին։
Թերթը կը հրատարակուի ամիսը անգամ մը՝ 999 տպաքանակով եւ բարերարներու հովանաւորութեամբ։ Ան ընթերցողներուն կը բաժնուի անվճար։