Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ–ԱՐՑԱԽ – Նախագահ Յարութիւնեանի ուղերձը՝ «Ռուսաստանի օր»-ուան առիթով

Յունիս 12-ին, Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան շնորհաւորական ուղերձ յղած է Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինին՝ «Ռուսաստանի օր»-ուան առթիւ:

Ուղերձին մէջ մասնաւորաբար նշուած է. «Մենք բարձր կը գնահատենք Ռուսաստանի եւ անձամբ Ձեր դերակատարութիւնը 2020-ի արիւնահեղութեան կասեցման եւ Արցախի մէջ հետագայ նոր լայնածաւալ յարձակումներն ու ողբերգութիւնները կանխելու առումով: Արցախի ժողովուրդը գրկաբաց ընդունած է ռուս խաղաղապահներու առաքելութիւնը՝ իբրեւ սեփական հայրենիքի մէջ ազատ ու արժանապատիւ ապրելու ամուր երաշխիքներ:

Այժմ, երբ Ազերպայճան ամէն ինչ կ՚ընէ փլուզելու Արցախի եւ տարածաշրջանի անվտանգութեան փխրուն ճարտարապետութիւնը եւ ռուսական երաշխիքները՝ Արցախի շարունակուող շրջափակման ու սպառնալիքներու միջոցով, մենք վստահ ենք, որ մեր ռազմավարական շահերու ներդաշնակութեան եւ ջանքերու միատեղման միջոցով մեր երկու ժողովուրդները կը յաջողին ապահովել տարածաշրջանային կայուն ու արժանապատիւ միջավայր բոլոր կողմերուն համար»: