Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Փետրուար 3-ին «ՌԻԱ Նովոսթի»-ի տուած հարցազրոյցին՝ Ուքրաինայի հետ պատերազմին մասին լրագրողին յղած հարցումին պատասխանած է անդրադարձ կատարելով նաեւ հարաւային Կովկասի իրավիճակին, Արցախին։
“Ալմա-Աթայի հռչակագրին մէջ կ՚ըսուի, որ նոր անկախ պետութիւններու միջեւ սահմանները պիտի անցնին Խորհրդային Միութեան մաս կազմող հանրապետութիւններու վարչական սահմաններով, ներառեալ, ի հարկէ, Խորհրդային Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզն ալ ներառող Խորհրդային Ազերպայճանի սահմաններով”,– ըսած է Լաւրով։
Ան նաեւ ամբաստանած է Երեւանի իշխանութիւնները, որոնք ըստ իրեն պատասխանատուն են այսօր հակամարտութեան տարածաշրջանին մէջ ՀԱՊԿ-ի խաղաղապահ ուժերու բացակայութեան, որովհետեւ հայկական կողմը նախ եւ առաջ պահանջած է այդ կառոյցին կողմէ յստակ ու կտրուկ դատապարտումը Ազերպայճանի։
“Միայն երկու օրը բաւարար պիտի ըլլար Կազմակերպութեան հովանիին ներքոյ խաղաղապահ առաքելութեան տեղակայման համար, անշուշտ եթէ Հայաստան այդ խնդրէր”,– ըսած է Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարը։
Լաւրով դեռ ըսած է. “Երկա՜ր տարիներ Հայաստան բռնագրաւեց Ազերպայճանի եօթը շրջաններ։ Յետոյ, մինչ Հայաստան յուսահատօրէն կը փորձէր խնդիրները լուծել քաղաքական ճամբով, եւ Ռուսաստան ալ բազմաթիւ տարբերակներ կ՚առաջարկէր, անոնք կը մերժուէին Հայաստանի նախկին ղեկավարներուն կողմէ, որոնք կ՚ուզէին պահպանել այդ տարածքները,– զորս երբեք ալ չեն ստանձնած,– եւ ի վերջոյ, Ազերպայճան ի՛նք ետ առաւ իրեն պատկանող հողերը”։
Ինչպէ՞ս աւելի յստակ կրնար ըլլալ յարգելի Լաւրովը։ ■