Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՌՈՒՍԱՍՏԱՆ. Մոսկուայի մէջ Ազերպայճանցիներ դաշունահարած են հայ երկուորեակ եղբայրներ

Մոսկուայի «Պաքու Տվորիկ» ճաշարանին մօտ Ազերպայճանցիներու յարձակման ենթարկուած ու դաշունահարուած են երկուորեակ եղբայրներ Կարօ եւ Կամօ Ոսկանեան։ Կարօն հիւանդանոցը մահացած է, իսկ Կամօն դարմանումի տակ կը գտնուէր։ 

Ըստ որոշ աղբիւրներու՝ կռիւ ծագած է երբ ճաշարանի հայ յաճախորդները նկատած են, որ իրենց ներկայացուած հաշուեցոյցը չի համապատասխաներ իրենց կատարած պատուէրին։