Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՍԹՐԱԶՊՈՒՐԿ – ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ԱՏԵԱՆ Հայաստան հատուցում պիտի կատարէ բանտի մէջ մահացած Ոսկանեանի ընտանիքին

Սթրազպուրկի դատական ատեանը Հայաստանի մէջ մարդկային իրաւանց խախտումի յաջորդական դէպք մը արձանագրած է, կառավարութիւնը պարտաւորեցնելով հատուցելու վանաձորցի Ոսկանեաններու ընտանիքը՝ 12 տարի առաջ բանտի մէջ մահացած Սլաւիկ Ոսկանեանի կեանքի իրաւունքը խախտելուն համար։

Ան ընդամէնը երկու շաբաթ բանտարկուելէ ետք մահացած էր Վանաձորի քրէակատարողական հիմնարկին մէջ՝ 2010 Հոկտեմբերին։ Կասկած կար որ ենթական ոստիկանութեան գնդապետի մը մայրը սպանած է։ Բանտարկեալի այրիին՝ Շուշանիկ Ոսկանեանի պնդումով, ամուսինը մահացած է փտախտէ, որ յառաջացած է բանտին մէջ անոր վէրքին անտեսման պատճառով։ Այրին ըսած է, թէ ամուսինը բանտին մէջ անմարդկային տանջանքներու ենթարկած են եւ ստիպած, որ յանցանքը յանձն առնէ։ “Իրեն սպառնում էին, ասում էին՝ կամ հիմա գործը վերցնում ես քեզ վրայ, քեզ ուղարկում ենք հէնց հիմա դատապարտեալների հիւանդանոց, կամ դու ստեղ կը մնաս անտէրուդուզ, կը փտես, կը մեռնես, քեզ տէր կանգնող չի լինի”,– աւելցուցած է Շուշանիկ Ոսկանեան։

Եւրոպական ատեանը արձանագրած է. «Սլաւիկ Ոսկանեան բժշկական օգնութիւն խնդրած է։ Վեց օր յետոյ միայն զինք հիւանդանոց փոխադրելու որոշում կայացուած է, բայց արդէն շատ ուշ էր անոր կեանքը փրկելու համար»։