Մայիս 29-ին, տեղի ունեցած է Հոմսի ազգային Սահակեան վարժարանի շրջանաւարտներու հանդէսը:
Այս առթիւ Դամասկոսի ազգային առաջնորդարանի դիւանը հրապարակած է հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«Վերջին տասնամեակին Սուրիոյ մէջ տիրող պատերազմին պատճառով Հոմսի Ս. Մեսրոպ եւ Ազգ. Սահակեան վարժարանին շէնքը զգալի վնասներ կրեց: Սակայն Դամասկոսի Հայոց թեմի ջանքերով եւ Հունգարիոյ պետական Hungary Helps կազմակերպութեան օժանդակութեամբ, եւ Մերձ. Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի ու KiA նետերլանտական աւետարանական եկեղեցիներուն հետ համագործացաբար, կարելի եղաւ վերանորոգել ազգային շէնքը, որուն երդիքին տակ սկսան գործել եկեղեցին եւ դպրոցը:
Արդարեւ, անցեալ տարիներու պատերազմի եւ աւերներու թմբիրէն վերազարթնած վարժարանը տուաւ իր առաջին հունձքը: Աւարտական հանդէսը գեղեցիկ յայտագրով եւ աշակերտներուն ժպիտներով ողողուած յոյսի մեծ ջերմութիւն շնորհեց Հոմսահայութեան:
Շրջանաւարտից հանդէսին ներկայ գտնուեցան Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Արմաշ եպիսկ. Նալպանտեան, Ազգ. քաղաքական ժողովի անդամ տիար Նազարէթ Նազարեան, Հոմսի Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ թաղականութեան ատենապետ տիար Վազգէն Խաչատուրեան, հոմսահայեր եւ ծնողներ:
Առաջնորդ սրբազան հայրը հանդէսի աւարտին, օրհնութեան իր խօսքին մէջ ընդգծեց պատմական այս օրուան կարեւորութիւնը եւ շնորհաւորեց բոլոր աշակերտներուն յաջողութիւնը եւ ծնողները, ապա շրջանաւարտ փոքրիկներուն յանձնեց վկայականները»:
© 2025 Բոլոր իրաւունքները վերապահուած են։