Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Սուրիոյ դպրոցներն ու համալսարանները ուսումնական իրենց ընթացքը կը վերսկսին

 

Սուրիական անցումային կառավարութիւնը յայտարարած է, որ Կիրակի, Դեկտեմեր 15-ին Սուրիոյ դպրոցներէն եւ համալսարաններէն ներս ուսումնական ընթացքը կը վերսկսի։

Կառավարութիւնը յայտնած է, որ կրթական հաստատութիւնները պատրաստ են ուսումնական ընթացքը կազմակերպուած եւ հեզասահ ձեւով շարունակելու։

Նշենք, որ հայկական վարժարանները պիտի վերսկսին իրենց ընթացքը Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 16-ին։