Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ. Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ՝ նախագահ Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Մարտ 1-ին Անվտանգութեան խորհուրդի նիստ հրաւիրած է։

Լուրը հաղորդած է ԱՀ նախագահի աշխատակազմի մամլոյ ծառայութիւնը։

Նիստի ընթացքին քննարկուած են Արցախի առջև ծառացած արտաքին ու ներքին մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ միջազգային և տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն վերաբերող հարցեր: