Արցախի հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Սեպտեմբեր 8-ին ընդունած է բարերար Ռուբէն Վարդանեանը։ Լուրը հաղորդած են նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութենէն։
Երկրի ղեկավարը ողջունած է Վարդանեանի՝ Արցախ հաստատուելու եւ Արցախի անվտանգութեան ապահովման ու զարգացման գործին անմիջական մասնակցութիւն ունենալու որոշումը, յոյս յայտնելով որ՝ ան օրինակ կը հանդիսանայ շատերու համար։
Հանդիպումին քննարկուած են համագործակցութեան հեռանկարները։