Modern Website Header
Website Header with Working Banner

ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ – «Եզնիկ Մոզեան» արհեստագործական ուսումնարանը կ՚ամփոփէ ուսումնական տարին

2022-2023 տարեշրջանին «Եզնիկ Մոզեան» արհեստագործական ուսումնարանէն  շրջանաւարտ եղած է 26 աշկերտ՝ տարբեր մասնագիտութիւններով։

«Արցախփրէս»-ի թղթակցին հետ զրոյցին, ուսումնարանի գործադիր տնօրէնուհին՝ Նարինէ Իշխանեան յայտնած է, թէ Մարտունիի, Մարտակերտի եւ Ասկերանի շրջաններէն երեք աշկերտ աւարտած է «ելեկտրական արհեստագիտութեան» բաժինը։ Անոնցմէ երկուքը կ՚աշխատին իրենց շրջաններուն մէջ, իսկ երրորդը՝ Ստեփանակերտ։ «Մետաղամշակում» բաժինը աւարտած է երեք աշկերտ, «Յարդարման շինարարական աշխատանքներ» բաժինը՝ տասը, «Ջեռուցում-առողջապահութեան ցանց (sanitaire)» եւ «Փայտամշակում» բաժինները` հնգական աշկերտ։ 

Անդրադառնալով շրջափակման յարուցած խնդիրներուն՝ տնօրէնուհին նշած է, որ սկզբնական շրջանին Արցախի Ընկերային զարգացման եւ համարկման նախարարութիւններուն աջակցութեամբ որոշ չափով կարելի էր ապահովել աշկերտներու օրական երեք պահ սնունդը։ Բայց հիմա արդէն բանջարեղէն-պտուղի եւ որոշ այլ ապրանքատեսակներու խնդիր ունին։ 

Ան տեղեկացուցած է, որ Ուսումնարանի նոր աշկերտներու ընդունելութիւնը կը կազմակերպուի Յուլիս 1-էն սկսեալ։