Սեպտեմբեր 5-ին, Ստեփանակերտի Մշակոյթի պալատին մէջ տեղի ունեցած է Շուշիի «Վարանդա» մանկապատանեկան եւ երիտասարդական պետական երգչախումբի համերգը՝ «Երգող Արցախ» ծրագրի ծիրէն ներս։ Երգացանկը կազմուած էր նոր ստեղծագործութիւններէ։
«Արցախփրէս»-ի թղթակցին հետ զրոյցին՝ «Վարանդա»-ի հիմնադիր, գեղարուեստական ղեկավար Զաքար Քէշիշեան տեղեկացուցած է, որ երգչախումբին համար յօրինուած է 169 նոր երգ, որոնցմէ համերգին համար ընտրած են հայրենասիրական ու տրամադրութիւն հաղորդող ստեղծագործութիւնները:
“Երգացանկը ամբողջութեամբ թարմ է։ Քանի մը երգ առաջին անգամ ներկայացուցինք, օրինակ՝ «Հադրութ» ստեղծագործութիւնը, որու բառերը գրած է Սոկրատ Խանեան, իսկ երաժշտութիւնը՝ Արմենուհի Կարապետեանինն է։ Այս տարի մեր աշակերտներու թիւը աւելցած է: Անցեալ տարի բեմ բարձրացաւ 80 երախայ, իսկ այս անգամ՝ 120: Փափաքողներ շատ կան: Այնպէս, որ կրնայ ըլլալ գալ տարի նոյնիսկ բեմը նեղ գայ բոլորին”,– ըսած է Զ. Քէշիշեան, աւելցնելով որ՝ մշակոյթը ուժ է ու զէնք, եթէ ան ճիշդ գործածուի: