Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Ստեփանակերտի քաղաքապետ.– «Առաջին անհրաժեշտ պարագաները սպառուած են, խանութները՝ գրեթէ դատարկ են»

Դեկտեմբեր 30-ին, Ստեփանակերտի քաղաքապետ Դաւիթ Սարգսեան News.am-ի հետ զրոյցին հաղորդած է, թէ մայրաքաղաքի խանութներուն մէջ գրեթէ ամբողջութեամբ սպառած է առաջին անհրաժեշտութեան մթերքը։ 

“Խանութները գրեթէ դատարկ են, նպարեղէն, ձէթ, շաքարաւազ (փոշի շաքար) քիչ քանակութեամբ են մնացել: Միրգ ու բանջարեղէն չկայ: Ալիւրի եւ ցորենի խնդիր չունենք, հացի արտադրամասերը բնականոն գործում են”,– նշած է քաղաքապետը, աւելցնելով նաեւ որ պենզինի պաշարի 5 տոկոս մնացած է, կառքերը իբրեւ վառելանիւթ՝ կազ կը գործածեն։