Սփիւռքի գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ սփիւռքահայ 40 մասնագէտներ աւարտած են Հայաստանի կառավարման համակարգին մէջ իրենց աշխատանքը եւ ստացած են վկայականներ: Անոնք հայրենիք կը գտնուէին «իԳործ» ծրագրով:
Սեպտեմբեր 2-ին տեղի ունեցած է «իԳործ» 2022 ծրագրի հանդիսաւոր փակումը, որուն մասնակցած են ՀՀ Սփիւռքի գործոց գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան, պետական պաշտօնեաներ եւ հիւրեր։ 14 երկիրներէ ժամանած հայ մասնագէտները աշխատած են Հայաստանի 19 պետական կառոյցներու մէջ, ուր ալ ամբողջ տարի մը իրենց մասնագիտական ներդրումը ունեցած են:
«իԳործ»-ի մասնակիցները ծրագրեր իրագործած են հետեւեալ բնագաւառներուն մէջ՝ գիտութիւն, տնտեսութիւն եւ ներդրումային քաղաքականութիւն, շրջակայ միջավայրի պահպանութիւն, ընկերային ապահովութիւն, հայրենադարձութեան աջակցութիւն եւ խթանում, Սփիւռքի պարտատոմսերու ստեղծման ուսումնասիրութիւն, թուային տնտեսութեան զարգացում եւ զօրութենական տարադրամի (cryptomonnaie) վերաբերեալ հետազօտութիւն, հանրային ծառայութիւններու թուայնացում, ճանապարհային անվտանգութեան առնչուող ծրագրեր, ջրային աղբիւրներու արդիւնաւէտ կառավարում, կրթական համակարգ, առաջին բուժօգնութեան ծառայութիւններու բարելաւում, մարդկային իրաւանց պաշտպանութիւն, շարժապատկերի ոլորտի զարգացում եւ այլն։
«իԳործ»-ը կարելիութիւն ընձեռած է սփիւռքահայ մասնագէտներուն՝ աշխատելու Հայաստանի կառավարման բնագաւառին մէջ եւ իրենց նպաստը բերելու երկրի զարգացման գործին: