Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Վարչապետ Փաշինեան Անգարայի մէջ ներկայ գտնուած է Էրտողանի երդման արարողութեան

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդառաջելով թրքական կողմի հրաւէրին՝ Յունիս 3-ին ժամանած է Անգարա, ներկայ գտնուելու համար նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի երդման արարողութեան:   

Վարչապետին կ՚ուղեկցէր Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Հայաստան-Թուրքիա երկխօսութեան Հայաստանի յատուկ բանագնաց Ռուբէն Ռուբինեան:

Անգարայի «Էսենպողա» միջազգային օդակայանին մէջ Հայաստանի վարչապետը դիմաւորած է Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման բանակցութիւններու թրքական կողմի ներկայացուցիչ, դեսպան Սերտար Քըլըչ:

Այնուհետեւ, վարչապետը ներկայ գտնուած է Թուրքիոյ նախագահին՝ պաշտօնի ստանձնման արարողութեան։ Նախագահական պալատին մէջ ան դիմաւորուած է Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւթ Չաւուշօղլուի կողմէ: 

Փաշինեան ու Էրտողան կարճ զրոյց մը ունեցած են

Նշեալ արարողութեան շրջանակին մէջ, Հայաստանի վարչապետն ու Թուրքիոյ նախագահը  կարճ զրոյց մը ունեցած են։

Թրքական լրասփիւռները այլ մանրամասնութիւն չեն հաղորդած։

Ըստ CNN Türk-ի՝ միջանցքներու մէջ «ոտքի վրայ» հանդիպում ունեցած են նաեւ Ալիեւ ու Փաշինեան, Թուրքիոյ նախկին վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի ներկայութեան։