Modern Website Header
Website Header with Working Banner

Վարչապետ Փաշինեան ընդունած է Եւրոպական Միութեան պատուիրակութիւնը

Յունուար 21-ին, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է ԵՄ-ի խորհուրդին մէջ ֆրանսական նախագահութեան ներկայացուցիչ, Ֆրանսայի նախագահի գրասենեակի խորհրդական Իզապէլ Տիւմոնի և Հարաւային Կովկասի ու Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու ԵՄ-ի յատուկ ներկայացուցիչ Թոյւօ Քլաարի ղեկավարած պատուիրակութիւնը։ Լուրը հրապարակուած է վարչապետի պաշտօնական կայքին վրայ։

Կողմերը անդրադարձած են 44-օրեայ պատերազմի հետևանքով Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ ստեղծուած իրավիճակին, հայ-ազէրպայճանական սահմանին կացութեան լիցքաթափման եւ կայունութեան ապահովման ուղղուած քայլերուն: Մասնաւորապէս, գաղափարներ փոխանակուած են Ռուսաստանի նախագահին (Սոչիի հանդիպումը – «ՆՅ»), ինչպէս նաև Պրիւսէլի մէջ Եւրոպական խորհուրդի նախագահին ու Ֆրանսայի նախագահին միջնորդութեամբ կայացած հանդիպումներու արդիւնքներու եւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու իրականացման վերաբերեալ:

Ընդգծուած է նաև Արցախի հակամարտութեան մնայուն կարգաւորման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խումբի համանախագահութեան հովանաւորութեամբ խաղաղ գործընթացի լիարժէք գործարկման և համանախագահներու գործունէութեան աշխուժացման անհրաժեշտութիւնը:

Նշենք, թէ նախորդ օրը ԵՄ-ի պատուիրակութիւնը Պաքուի մէջ հանդիպում ունեցած էր Ազէրպայճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։