Մարտ 7-ին, վարչապետ Փաշինեան ընդունած է Կովկասեան բանակցութիւններու հարցերու աւագ խորհրդական, Մինսքի խումբի ամերիկացի համանախագահ Լուիս Պոնօն:
Վարչապետը ամերիկացի համանախագահին ուշադրութիւնը հրաւիրած է Մարտ 5-ին Ազերպայճանի զինուած ուժերուն կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կատարուած ռազմական յարձակման վրայ, ընդգծելով, թէ «Ազերպայճան մէկ կողմէ կը յայտարարէ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչներուն հետ երկխօսելու պատրաստակամութեան մասին, միւս կողմէ՝ կը գործէ ահաբեկչական արարքներ, որոնց հետեւանքով հայկական կողմը ունի երեք զոհ եւ մէկ վիրաւոր»։
Կողմերը անդրադարձած են Բերձորի միջանցքի շրջափակման հետեւանքով Արցախի մէջ ստեղծուած մարդասիրական տագնապին։